«Սիրելի Արմինէ,
Մեր պաշտելի Հայերէնի մէջ կը դեգերէի եւ այսպիսի գիւտ մը ըրի․․․
Գիւտս, Հայերէն բառերու անսահման հանք մը կը պարգեւէ մեր Լեզուին․․
Մտածեցի բաժնեկից ընել Հայերէնով ԱՊՐՈՂՆԵՐուն հետ։
Կ՛ուզէի լսել քեզ։
Ողջ լեր եւ հաւատով կաց։
Հրանդ»
Այսպիսինն էր նամակը, որ ստացա գիտնական, թատերագիր, բանաստեղծ, թատերագէտ, գրաքննադատ, բեմադրիչ Հրանտ Մարգարյանից։ Նամակով նա կիսվում էր իր լեզվական որոնման արդյունքում մշակված մի համակարգով, որը ծնվել էր, երբ «կը դեգերէր Հայոց Լեզուի «Նորակազմ Բառերու» Անդաստանին մէջ»։
Մտորելով Հրանդ Մարգարյանի առաջարկած «ԲԱՌ – ԽՈՐՀՈՒՐԴ – ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹՅՈՒՆ» համակարգի շուրջ, ցանկացա ես էլ իմ կարգին, այն «բաժնեկից ընել Հայերէնով ԱՊՐՈՂՆԵՐուդ հետ»՝ Ձեզ հետ, սիրելի ընթերցող։ Մարգարյանի գյուտը ներ դիտանկյուն է բացում մեր լեզվի բառակազմական ու իմաստային խորքերի ընկալման համար։ Ընդունեք այն որպես ընթերցանության և ստեղծագործ մտածողության հրավեր։
ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ
Ձօն՝ բոլոր անոնց, որ կը դեգերին Հայոց Լեզուի «Նորակազմ Բառերու» Անդաստանին մէջ
«ԲԱՌ – ԽՈՐՀՈՒՐԴ – ՓԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ»
ՀԱՄԱԿԱՐԳՍ
Նորութիւն մը ըսած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ որ իմ գիտցած Լեզուներուն մէջ, Հայերէնը բառակազմութեան տեսանկիւնէն դիտուած, ամենէն ճկունն է։ Ասիկա պարզ ազգայնամոլ յոխորտանք չէ, այլ փաստուած եւ հիմնաւորուած գիտական եզրակացութիւն։
Մեր Լեզուի ընձեռած յատկութիւնները ուսումնասիրելուս ընթացքին, բառային համակարգային նոր կառոյցի մը գիւտը զիս հրապուրեց։ Որքան խրուեցայ այս համակարգին մանրամասնութեանց մէջ, այնքան անդրադարձայ, որ այս համակարգը նոր ասպարէզներ կը բանայ մեր Լեզուի բարգաւաճման, զարգացման, յատկապէս ՆՈՐ բառերու կազմութեան անդաստանին մէջ։
Ստեղծածս համակարգը կը ներկայացնեմ՝ Հայագէտներուն, լեզուագէտներուն եւ գրողներուն առ ի գործադրութիւն։
Այսպէս,
Համակարգս երրեակ տարրերու կառոյց ունի՝ ԲԱՌ – ԽՈՐՀՈՒՐԴ – ՓԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ։
- – Երրեակ Համակարգիս առաջին տարրը՝ ԲԱՌն է, սահմանուած՝ գոյական, ածական, դերանուն, բայ, դերբայ սահմանումներու բառերով։
Այս տարրին մէջ, չեն ընդգրկնուիր՝
ա- «ոյթ» վերջաւորութիւն ունեցող բառերը:
բ- Կարգ մը շաղկապները եւ
գ- Նախադաս եւ յետադաս մասնիկները։
Արդ՝ Համակարգիս առաջին մասը, ԲԱՌՆ է վերոնշեալ սահմանումներով։
- – Համակարգիս երկրորդ մասը, առաջին բառին ԽՈՐՀՈՒՐԴը սահմանող բառն է (essence)-ը։
Խորհուրդը կը սահմանէ առաջին բառի գոյութեան, էութեան հիմնական իմաստը։
Ինպէս որ շէնքի մը կազմուածութիւնը հիմնաւորուած է սիւներով, երկաթով, կպչուն սոսինձով, Համակարգիս «Խորհուրդ»ն ալ առաջին բառի իմաստի հիմնական կառոյցն է։ Ա՛ն է, որ բառին գոյութեան իմաստ կու տայ։ «Խորհուրդ»ը նշող բառը կը նշենք՝ «ոյթ» յետադաս մասնիկով։
Այսպէս, «մարդ» բառին կառոյցային կմախքը, ԽՈՐՀՈՒՐԴը, կը բնորոշեմ «մարդոյթ» ածանցով։
- – Համակարգիս երրորդ մասը, առաջին երկուքին իմաստասիրական – փլիսոփայական արժեւորում-սահմանումն է։
Այսպէս, «մարդ» բառով կազմուած Համակարգս կը ստանայ հետեւեալ ձեւակեր-
պումը-
Մարդ – Մարդոյթ – Մարդութիւն
ԲԱՌ – ԽՈՐՀՈՒՐԴ – ՓԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
Նոր բառեր են՝ մարդոյթ եւ մարդութիւն։ (Ի դէպ, այս բառերը գործածած եմ
բանաստեղծութիւններուս մէջ։
Կը Ներկայացնեմ օրինակներ Համակարգէս եւ անկէ ծնունդ առած նորակազմ բառերու ցանկ մը։ Կը բաւարարուիմ քանի մը օրինակներով։
Հետեւեալ ցանկին մէջ, շեղագիր բառերը ՆՈՐ բառեր են, իսկ աստղանշուածները
նոր բառեր են, որոնք բանաստեղծութիւններուս մէջ գործածած եմ-
Ազգ-ազգոյթ-ազգութիւն
Անձն- անձնոյթ-անձնութիւն*
Դառն-դառնոյթ-դառնութիւն
Դուն- դունոյթ*- դունութիւն*
Խորան-խորանոյթ-խորանութիւն
Խոր-խորոյթ-խորութիւն
Կարմիր-կարմիրոյթ-կարմիրութիւն
Հայ-հայոյթ-հայութիւն
Հաւատք-հաւատքոյթ-հաւատքութիւն
Մարմին-մարմինոյթ-մարմինութիւն
Մութ-մութոյթ-մութութիւն
Մուկ-մուկոյթ-մուկութիւն
Շուն-շունոյթ-շունութիւն
Սեւ-սեւոյթ-սեւութիւն
Սէր-սէրոյթ-սէրութիւն
Վարդ-վարդոյթ-վարդութիւն
Ահաւասիկ նոր բառեր մեր Լեզուին համար։
Այս համակարգի Խորհուրդի բաժնէն դուրս կը մնան՝ «ոյթ» մասնիկով վերջացող բառերը․․․ օրինակ՝ մշակոյթ, փոյթ, հաւաքոյթ․․․ եւայլն։ Բայց․․․ Փլիսոփական մասը կը պահէ իր խորքային իմաստը․․․ Մշակոյթը կ՛ըլլայ՝ մշակութիւն, փոյթը՝ փոյթութիւն, հաւաքոյթը՝ հաւաքոյթիւն․․․
Բարի ընթերցում եւ գործադրութիւն։
Եթէ նոր բառեր պիտի ատեղծէք Համակարգովս, խնդրեմ նշեցէք Մարգարեան
Համակարգ աղբիւրը։
«Շնորհ – Շնորհոյթ – Շնորհութիւն» Բոլորիդ։
Սիրելի հոգէհատոր Հայերէն Գրողներ, Հայագէտներ, լեզուաբաններ, գրաքննադատներ, քերեկանագէտներ, եթէ նոր բառեր պիտի ստեղծէք, կամ կ՛ուզէք արտայայտուիլ համակարգիս մասին, խորապէս շնորհակալ կ՛ըլլամ եթէ զիս տեղեակ պահէք`<hmarkarian@yahoo. com>։
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Նիւ Եորք
Գրիգորեան Տոմար- Օր՝ 8, Ամիս` Փետրուար, Տարի՝ 2026
Հայկեան Տոմար- Օր՝ Հրանդ, Ամիս՝ Մեհեկան, Յամի՝ ՏՇԺԷ (4517)


